ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան Վարժարանը 1976-էն իվեր կը ծառայէ Լոս Անճելըսի Սան Ֆերնանտօ Հովիտի հայ համանքին։ Ան ՀԲԸՄ-ի համաշխարհային հսկայ գործունէութեան կրթական ծրագիրներէն ներս ունի իր կարեւոր դերն ու տեղը։
Դպրոցը կը պատրաստէ աշակերտները ընդունուելու համալսարան, բարձրագոյն կրթութեան զուգահեռ անոնց տալով ազգային դաստիարակութիւն եւ հայկական ինքնութիւն։
Դպրոցէն ներս հայերէնի դասաւանդութիւնները կը կատարուին թէ՛ արեւմտահայերէնով (դասական ուղղագրութեամբ) եւ թէ՛ արեւելահայերէնով (Հայաստանի նոր ուղղագրութեամբ)։ Հայոց լեզուի, գրականութեան, պատմութեան եւ ընդհանրապէս հայկական մշակոյթին նուիրուած ամբողջական ծրագիրը յագեցած է դասարանային ու արտադասարանային ծրագիրներով։
Արտեմիս Նազարեան Ծաղկոցէն ներս երեխաները կը ծանօթանան հայոց լեզուին ու տառերուն, ստանալով իրենց տարիքին համապատասխան բառապաշար։ Հայերէն արտասանութիւնը, երգը, ազգային պարն ու երաժշտութիւնը հիմնական ու մնայուն միջոցներ են կապուելու մշակութային արժէքներուն հետ։
Մարի Մանուկեան նախակրթարանէն ներս աշակերտը կը սկսի այբուբենէն, հասնելով սահուն ընթերցանութեան, հասկցողութեան, խօսելու եւ գրելու հմտութիւններու՝ իր տարիքին համապատասխան։ Հայերէնի յատուկ դասարաններ կը գործեն (ABC, Armenian Beginner’s Class) 2-րդէն 5-րդ կարգի աշակերտներուն համար։
Դասապահերուն ընթացքին դասագիրքերն ու արհեստագիտութիւնը (technology) իրենց մնայուն տեղը ունին։ Հայոց լեզուի կողքին, կը դասաւանդուի հայոց պատմութիւն, կրօնք եւ մշակոյթ։
Դպրոցին ծրագիրին մնայուն մաս կը կազմեն արտադասարանային եւ արտադպրոցական միջոցառումները, որոնց միջոցով աշակերտին մէջ կ՚ամրապնդուի հայեցիութիւնը եւ ուղղութիւն կը ստանայ անոր ինքնութիւնը։
Տեմիրճեան վարժարանի միջնակարգի 6-րդ, 7-րդ եւ 8-րդ դասարաններուն մէջ կ՚ամրապնդուի հայոց լեզուի իմացութիւնը քերականական լեզուական աշխատանքներու շնորհիւ։ Աշակերտը կը կազմէ լայն ընդարձակ նախադասութիւն, պարբերութիւն եւ կը գրէ շարադրութիւն։ Ան կը ծանօթանայ հայ գրականութեան նմոյշներու։
Հայերէնի դասաւանդութիւնը կը կատարուի ամէն օր, մէկ պահ։ Յատուկ դասարաններ կը գործեն (ABC, Armenian Beginner’s Class) նորեկ եւ ոչ հայախօս աշակերտներու համար, որոնք մէկ կամ երկու տարի ետք պէտք է միանան իրենց սովորական խումբին։
Հայոց պատմութեան եւ հայ մշակութային արժէքներուն նուիրուած առանձին դասապահ գոյութիւն ունի, միջին հաշուով՝ շաբաթը երկու պահ։ Դասագիրքերը պատրաստուած են արեւմտահայերէն, արեւելահայերէն եւ անգլերէն տարբերակներով։
Դպրոցին ծրագիրին մնայուն մաս կը կազմեն արտադասարանային եւ արտադպրոցական միջոցառումները, որոնց միջոցով աշակերտին մէջ կ՚ամրապնդուի հայեցիութիւնը եւ ուղղութիւն կը ստանայ անոր ինքնութիւնը։
Իններորդէն տասներկրորդ դասարաններուն մէջ հետզհետէ անցում կը կատարուի լեզուէն դէպի գրականութիւն։ Այստեղ աշակերտը կը ծանօթանայ հայ գրականութեան պատմութեան փուլերուն, մեծանուն հայ գրողներու կեանքին ու անոնց գրական վաստակին։ Երկրորդական դասարաններուն մէջ աշակերտները կը բաժնուին երկու խումբի՝ Յառաջացեալ (Honors) եւ Սովորական (CP)։
Տասներորդ դասարանը կ՚անցնի նաեւ Հայոց պատմութիւն՝ մէկ կիսամեակ, օրական մէկ պահ։ Դասագիրքը պատրաստուած է արեւմտահայերէն, արեւելահայերէն եւ անգլերէն տարբերակներով։ Դպրոցին ծրագիրին մնայուն մաս կը կազմեն արտադասարանային եւ արտադպրոցական միջոցառումները, որոնց միջոցով աշակերտին մէջ կ՚ամրապնդուի հայեցիութիւնը եւ ուղղութիւն կը ստանայ անոր ինքնութիւնը։
© 2021 AGBU Manoogian-Demirdjian School, All Rights Reserved