Առաջնորդ Սրբազան Հայրը այցելեց ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան Վարժարան.
Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան ուսումնական այս տարեշրջանի պաշտնօնական առաջին այցելութիւնը կատարեց ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան Վարժարան, Չորեքշաբթի, 11 Հոկտեմբեր 2023-ին, ուղեկցութեամբ Արժ. Տէր Նժդեհ քահանայ Քէշիշեանի: Աւանդական աղ ու հացով դիմաւորուելէ ետք վարժարանիս Ընդհանուր Տեսուչ Պրն. Տաւիթ Ղուկասեանի, Տնօրէններու Խորհուրդի եւ Արտեմիս Նազարեան Ծաղկոցի փոքրիկներու կողմէ, Աշակերտական Խորհուրդի անդամները առաջնորդեցին հիւրերը «Աղաճանեան» հանդիսասրահ, ուր երկու առանձին հանդիպում ունեցան Երկրորդականի եւ Միջնակարգի աշակերտութեան հետ: Ողջոյնի խօսք արտասանեց Աշակերտական Խորհուրդի փոխ ատենապետուհի Քարին Օրունճաքճիէլ:
Ապա, Յովնան Սրբազան յղեց իր պատգամը, կարեւորեց աղօթքի պահը, յիշեց Արցախցիներն ու Հայաստանի կարիքները, պատասխանեց աշակերտութեան հարցումներուն:
Ապա, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը այցելեց Արտեմիս Նազարեան Ծաղկոցի եւ Մարի Մանուկեան Նախակրթարանի դասարաններ, համապատասխանաբար վարիչ մանկապարտիզպանուհի Տիկ. Թագուշ Խոդաբախշեանի եւ տնօրէնուհի Տիկ. Զեփիւռ Շահոյեանի ուղեկցութեամբ:
Տեղի ունեցաւ հաճելի եւ օգտակար զրոյց մեր փոքրիկներուն
հետ: Յովնան արքեպիսկոպոս փոքրիկներուն հետ երգեց ու աղօթեց, ջերմ ու անմիջական պահեր ստեղծելով:
Յովնան Սրբազանի պաշտօնական այցելութիւնը աւարտեցաւ Տնօրէններու Խորհուրդին հետ հանդիպում-հիւրասիրութեամբ, ուր վարժարանիս Ընդհանուր Տեսուչ Պրն. Դաւիթ Ղուկասեան արտայայտեց երախտագիտական իր զգացումները:
Արեւմտեան թեմի Առաջնորդին դիմաց միշտ բաց են մեր վարժարանին դռները եւ ան հիւր մը ըլլալէ աւելի տանտէր է, կիսելով մեր նոյն յաջողութիւնները, մտահոգութիւնները եւ առաքելութիւնը: