Մարտ 12-ին դպրոց այցելեց Ուրուկուէյի ՀԲԸՄ-ի Կրթական հարցերու տնօրէն՝ Պրն. Հավիէր Փոլատեանը, ընկերակցութեամբ «Հայոց Ցեղասպանութեան Շարադրական Մրցոյթը» շահած երկու աշակերտուհիներու եւ անոնց խորհրդատու ուսուցիչներուն՝ Ուրուկուէյէն եւ Հայաստանէն:
Ցեղասպանութեան մասին պատմող այս մրցոյթը կազմակերպուած էր ՀԲԸՄ-ի Ուրուկուէյի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի գործերով յանձնակատարի գրասենեակին կողմէ:
Հայաստանի մէջ շուրջ հարիւր մասնակիցներու մէջ այս մրցոյթին յաղթական հանդիսացած էր Էջմիածնէն աշակերտուհի Ռուզաննա Նիկողոսեանը (խորհրդատու ուսուցչուհի՝ Թագուհի Պապեան):
Իսկ Ուրուկուէյի մէջ, շուրջ վաթսուն ոչ հայ մասնակիցներէն՝ աշակերտուհի Լուսիանա Վան Հորենպէքը (ուսուցչուհի՝ Լուսիա Քրուզ):
Հիւրերը երկու հանդիպում ունեցան 11-րդ եւ 12-րդ դասարանի աշակերտներուն հետ, պատմեցին իրենց աշխատանքին մասին, մեծ պաստառի վրայ ներկայացուցին իրենց ծրագիրը եւ պատասխանեցին աշակերտութեան հարցումներուն:
Ապա, հիւրերը առանձին հանդիպում ունեցան տնօրէնութեան հետ, կիսելով իրենց փորձառութիւնները: