Հաւաք՝ վարժարանիս բարերար Տիար Սարգիս Տեմիրճեանի յիշատակի
Երեքշաբթի, Յունիս 10, 2025-ի առաւօտեան, ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաք, օրերս մահացած վարժարանիս բարերար, ՀԲԸՄ-ի երկար տարիներու ղեկավար՝ Տիար Սարգիս Տեմիրճեանի յիշատակին: Ան մահացած է Յունիս 8-ին, Լիբանանի մէջ, 92 տարեկան հասակին:
Հակիրճ այս հաւաքը վարեց վարժարանիս Հայոց Լեզուի Բաժանմունքի Տնօրէն՝ Պրն. Հրաչ Սեփեթճեանը:
Ողբացեալ տիար Սարգիս Տեմիրճեան տասնամեակներ շարունակ վարած է պատասխանատու պաշտօններ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի մէջ, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական Վարչական Ժողովէն ներս:
Դրօշակի արարողութենէն ետք աշակերտութիւնը երգեց ՀԲԸՄ-ի քայլերգը, որուն յաջորդեց լռութեան պահ մը: Հակիրճ ելոյթներ ունեցան ՀԲԸՄ-ի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Ափի ատենապետ, ինչպէս նաեւ վարժարանիս Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Պրն. Գէորգ Զօրեանն ու վարժարանիս Գլխաւոր Տեսուչ՝ Պրն. Դաւիթ Ղուկասեանը, վեր առնելով հանգուցեալ բարերարին հայրենասիրութիւնն ու բարեգործութիւնները:
Հաւաքը փակուեցաւ Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Շնորհք աւաք քահանայ Տէմիրճեանի աղօթքով:
Սգոյ հաւաքին ներկայ էր նաեւ վարժարանիս երկար տարիներու Հոգաբարձութեան ատենապետ, ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովի նախկին անդամ եւ ներկայիս Կեդրոնական Խորհուրդի անդամ՝ Պրն. Սինան Սինանեան:
Այս տխուր առիթով, յանուն Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի մեծ ընտանիքին, մեր ցաւակցութիւնը կը յայտնենք հանգուցեալին այրիին՝ տիկին Սեդա Տեմիրճեանին, ինչպէս նաեւ զաւակներուն՝ Թալինին, Երուանդին ու Ալեքսին, եւ համայն Տեմիրճեան գերդաստանին:
Յիշատակը անթառամ…
On the morning of Tuesday, June 10, 2025, the AGBU Manoogian-Demirdjian School community gathered in the courtyard for a memorial assembly in honor of the late Mr. Sarkis Demirdjian, devoted benefactor of our school and longtime leader of AGBU. Mr. Demirdjian died in Lebanon on June 8, 2025, at 92.
Armenian Studies Program Director and Armenian Department Chair Mr. Hratch Sepetjian led the assembly.
Mr. Demirdjian held key leadership positions within AGBU Lebanon and on the AGBU Central Board for decades. His service, patriotism, and philanthropy legacy were remembered with heartfelt gratitude.
The assembly began with the AGBU flag being flown at half-staff, followed by the AGBU anthem, and a moment of silence. Mr. Kevork Zoryan, Chairman of the Board of Trustees & AGBU Western Region, and Mr. David Ghoogasian, Head of School, gave brief remarks. Both paid tribute to Mr. Demirdjian’s unwavering dedication to the Armenian people and his philanthropic spirit.
We are especially proud to carry his name and legacy daily through the Sarkis & Seta Demirdjian High School. The DHS building is a testament to his vision, generosity, and commitment to Armenian education.
The gathering concluded with a prayer by Archpriest Fr. Shnork Demirdjian of St. Peter Armenian Church.
Mr. Sinan Sinanian, former chairman of the school board of trustees, past member of the AGBU Central Board, and current member of the AGBU Council of Trustees, was also in attendance.
On behalf of the entire Manoogian-Demirdjian School family, we would like to extend our deepest condolences to his wife, Mrs. Seta Demirdjian, his children Taline, Yervant, and Alex, and the whole Demirdjian family.