Զօրակցութիւն հայ գերիներուն եւ քաղաքական բանտարկեալներուն
Չորեքշաբթի, 13 Նոյեմբեր 2024-ի առաւօտեան, Լոս Անճելըսի հայկական վարժարաններու վերի երկու կարգերու աշակերտութիւնը հաւաքուեցաւ Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց առաքելական եկեղեցի, ուր իրենց պատգամը փոխանցեցին առաջնորդ ՏԷր Գեղամ արքեպիսկոպոս Խաչերեան, Ալեք եւ Ռոզ Փիլիպոս վարժարանի Աշակերտական խորհուրդի նախագահ Տարօն Գասպարեան եւ Ֆերահեան վարժարանի Աշակերտական խորհուրդի նախագահ Հրայր Սէրայտարեան: Տէր Գեղամ Սրբազանին կողքին ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեան:
Ապա, աւելի քան 500 հայ աշակերտներ, իրենց վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցիչներու ուղեկցութեամբ, եւ առաջնորդութեամբ Հոգշ. Տ. Երեմիա վարդապետ Աբգարեանի ու Լոս Անճելըսի Քաղաքային խորհուրդի անդամ Ատրին Նազարեանի, ընթացք առաւ քայլերթը դէպի Վէն Նայսի Ս. Պետրոս Հայց. Առաքելական եկեղեցի: Շուրջ մէկուկէս ժամուան երթի աւարտին, Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ մէջ հայ աշակերտութիւնը դիմաւորուեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի, Գերշ. Հայր Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեանի եւ Արժ. Տ. Գէորգ Աբեանի կողմէ: Իր ոգեպինդ խօսքը անգամ մը եւս փոխանցեց Պրն. Ատրին Նազարեան, պատշաճ խօսքերով հանդէս եկան Նայիրի Նարավօ (Մեսրոպեան վարժարանի Աշակերտական խորհուրդի նախագահ) եւ Քարին Օրունճաքճիէլ (ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի Աշակերտական խորհուրդի նախագահ):
Աղօթքով եւ առաջնորդ Յովնան Սրբազանի պատգամով փակուեցաւ քայլերթը:
Ինչպէս բոլոր խօսք առնող աշակերտները եւ հոգեոր հայրերը նշեցին, զօրակցութիւն յայտնելով հայ ռազմագերիներուն եւ քաղաքական բանտարկեալներուն, Լոս Անճելըսի հայ աշակերտութիւնը պիտի շարունակէ միասնական իր պայքարը՝ յանուն արդարութեան եւ Պաքուի մեկուսարաններէն բոլոր գերիներու տունդարձին: Շնորհաւորելի են աննախընթաց այս քայլը նախաձեռնող աշակերտներն ու հայկական վարժարաններու տնօրէնութիւնները, որոնք բարձր գիտակցութեամբ կազմակերպեցին եւ իրականացուցին նման խաղաղ քայլարշաւ մը: Շնորհակալութիւն Լոս Անճելըսի Ոստիկանութեան, որ իր հսկողութեան տակ պահեց մեր դպրոցականները ամբողջ երթի ընթացքին: