Կիրակի, Փետրուար 1-ին, UCLA համալսարանին մէջ տեղին ունեցած Հայ Կրթական Հիմնարկութեան կողմէ կազմակերպուած ամենամեայ ճարտասանական մրցոյթին փայլուն հանդէս եկան մեր դպրոցի աշակերտները:
Առաջին անգամ ըլլալով, չորս մրցանակներէն երկուքը բաժին հասան մեր դպրոցին:
Դավիթ Գասպարյանի (7-րդ կարգ) հիանալի ու անթերի ելոյթը խլեց առաջնութիւնը Միջնակարգի հայերէնի մրցոյթին, իսկ Հարութ Գարատանայեան (10-րդ կարգ), իր սառնասիրտ ելոյթով, երկրորդ անգամ ըլլալով առաջին հանդիսացաւ, այս անգամ Երկրորդականի անգլերէնի մրցոյթին:
Կը շնորհաւորենք զիրենք, ինչպէս նաեւ միւս երկու մասնակիցները՝ Բերն Թաքրը (Միջնակարգ, անգլերէն) եւ Կարեն Աղասինյանը (Երկրորդական, հայերէն), որոնք յաջող ելոյթներ ունեցան եւ ստացան համապատասխան գնահատագրեր:
Շնորհաւորական եւ երախտագիտական մեր խօսքը նաեւ Հայերէնի եւ Անգլերէնի բաժանմունքներուն եւ չորս աշակերտներուն խորհրդատու ուսուցիչներուն:
Congratulations to our students on their outstanding achievement in winning the competition, a distinction that reflects their excellence, dedication, and hard work.