ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան Վարժարան Ամանորեայ եւ Սուրբ Ծննդեան միջ-դպրոցական միջոցառումը
Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 3-ի առաւօտեան, ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի «Աղաճանեան» սրահին մէջ ներկայացուեցաւ ամանորեայ եւ Ս. Ծննդեան աշակերտական հանդէս, մասնակցութեամբ չորս դպրոցներու՝ հիւրընկալ ՀԲԸՄ-ՄՏՎ-ի, Սահակ-Մեսրոպ, Յովսէփեան եւ Մերտինեան վարժարաններու: Նման հանդիսութիւններ աւանդութիւն դարձած են, կազմակերպութեամբ Արեւմտեան թեմի Առաջնորդարանին:
Միջոցառումը սկսաւ աղօթքով, որմէ ետք բացման խօսքով բարի գալուստ մաղթեց Մարի Մանուկեան վարժարանի ժրաջան տնօրէնուհի՝ Տիկին Զեփիւռ Շահոյեանը: Յայտագրի առաջին բաժնով, հինգերորդ դասարանի 77 աշակերտները, շուրջ 45 վայրկեան, լրիւ հայերէն բեմականացումով՝ երկխօսութիւններ, թատերական պատկերներ ու հայերէն անգլերէն խմբերգներ, տօնական սքանչելի պահեր պարգեւեցին ներկաներուն. Յիսուս Քրիստոսի ծնունդէն մինչեւ հայկական ամանորեայ երգեր ու սովորութիւններ իրարու միախառնուած ու համեմուած անգլերէն տօնական երգերով: Ապա, Տեմիրճեան Երկրորդականի պարի դասարանի աղջիկները հանդէս եկան ամանորեայ խանդավառ պարով: Հաճելի անակնկալ էր Կաղանդ Պապային գալուստը: Շնորհակալութիւն Կաղանդ Պապա:
Օրուան յայտագրի երկրորդ բաժնով, հիւր դպրոցները ներկայացան զոյգ տօներուն համահունչ խմբերգներով, գլխաւորութեամբ իրենց երաժշտութեան ուսուցիչներուն:
Ներկայ էին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ՝ Տէր Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան, արժանապատիւ Տէր Նժդեհ եւ Տէր Գէորգ քահանայ հայրերը, վարժարաններու տնօրէնները, ուսուցիչներ եւ աւելի քան երեք հարիւր աշակերտ:
Փակման եւ շնորհակալական իր խօսքին մէջ, վարժարանիս Գլխաւոր Տեսուչ՝ Պրն. Դաւիթ Ղուկասեան արժանին մատուցեց ուսուցչուհիներուն եւ աշակերտներուն, որոնք գերազանցեցին իրենք զիրենք: Նաեւ նշեց, որ բոլորս ի մտի բերենք այն օրհնութիւնները, զորս կը վայելենք:
Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր օրհնութիւններն ու շնորհաւորութիւնները բաշխեց բոլոր մասնակիցներուն, շնորհակալութիւն յայտնեց տնօրէնութիւններուն, ուսուցիչներուն, Աստուծոյ հայցելով խաղաղութիւն հայրենիքին, սփիւռքին եւ համայն աշխարհին:
Հինգերորդ դասարանցիները նոյն յայտագիրը երկրորդ անգամ ներկայացուցին նոյն օրը յետմիջօրէին՝ հանդէս գալով իրենց ծնողներուն դիմաց:
Կը շնորհաւորենք բոլոր 77 աշակերտները սքանչելի կատարումներուն համար: Յատուկ շնորհաւորութիւններ եւ շնորհակալութիւններ երաժշտութեան բազմամեայ ուսուցչուհի՝ Արուս Անդրէասեանին, հայերէնի ուսուցչուհիներ՝ Ազնիվ Գափլանյանին, Անի Եղիազարյանին, Անահիտ Ամիրյանին, Ազնիւ Գաբրիէլեանին ու գեղարուեստական ղեկավար՝ Մարալ Ոսկեանին, որոնք ամիսներ շարունակ ծրագրեցին եւ իրականացուցին այս մեծ բեմականացումը: Շնորհակալութիւններ նաեւ լոյսի եւ ձայնի պատասխանատու՝ երաժշտութեան ուսուցիչ Արիք Գէորգեանին, պարուսոյց Էրիքա Ռապսընին եւ Հայերէնի Բաժանմունքի պատասխանատու՝ Հրաչ Սեփեթճեանին: