Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը հիմնուած է 1906 թուականին, Գահիրէի մէջ, Եգիպտոս: Այսօր, դպրոցէն ներս, նշուեցաւ Միութեան Հիմնադիրներուն օրը, որոնք Պօղոս Նուպար Փաշայի գլխաւորութեամբ տեսիլքը ունեցած էին քով-քովի գալու, որպէսզի օգնութեան հասնէին Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ տառապող հայութեան:
Ապրիլ 15-ի առաւօտեան, Ծաղկոցի, Նախակրթարանի եւ Երկրորդականի աշակերտները հաւաքուեցան դպրոցին բակը, այս առիթով պատրաստուած կապոյտ, ճերմակ եւ կարմիր 120-ամեակի շապիկներով (նուէր՝ Տէր եւ Տիկ. Ճօ եւ Սեդա Յովսէփեաններու կողմէ):
Տիկ. Մարալ Ոսկեան յայտարարեց չորս անուն, որոնք երկար տարիներէ կը ծառայեն դպրոցին մէջ, դաստիարակելով յաջորդական սերունդներ. հայոց լեզուի ուսուցչուհի՝ Թագուշ Նալպանտեան, երաժշտութեան ուսուցչուհի՝ Արուս Անդրէասեան, մարզիչ՝ Տիգրան Հեքիմեան եւ երկարամեայ պաշտօնեայ՝ Ռաֆայէլ Արեւալօ: