Վերամուտ եւ 50-ամեակ ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի
Չորեքշաբթի, 20 Օգոստոս 2025-ի առաւօտեան, վարժարանի «Նազարեան» մարզասրահին մէջ տեղի ունեցաւ 2025-2026 ուսումնական տարեշրջանի բացման արարողութիւնը: Աշակերտութեան, պաշտօնէութեան եւ ուսուցչական կազմերուն կողքին, ներկայ էին մեծ թիւով հրաւիրեալներ, որոնց շարքին՝ երկարամեայ նախկին տնօրէն Պրն. Յակոբ Յակոբեանը, Հոգաբարձութեան անդամներ, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմի նախկին անդամներ, միութենականներ, ծնողներ եւ շրջանաւարտներ։
Յատկանշական էր ներկայութիւնը Տեմիրճեան բարերար ընտանիքին՝ յանձինս Երուանդ Տեմիրճեանի եւ որդւոյն՝ Սարգիսի, ինչպէս նաեւ Տէր եւ Տիկին Ռաֆֆի եւ Թալին Պաշեաններու: Նշենք, թէ ամիսներ առաջ իր մահկանացուն կնքեց վարժարանիս բարերար ողբացեալ Սարգիս Տեմիրճեանը Լիբանանի մէջ, որու եւ տիկնոջ անունով կը կոչուի մեր դպրոցին երկրորդական բաժինը:
Բացման արարողակարգի ընթացքին եւ մինչեւ վերջ բեմին վրայ էին Աշակերտական խորհուրդի անդամները. ատենապետն ու փոխ-ատենապետը՝ Դայանա Գարատանայեանն ու Սեւակ Վաքեանը հերթաբար խօսք առին սահուն անգլերէնով եւ հայերէնով, փոխանցելով դպրոցին յիսնամեայ պատմութիւնը:
ՀԲԸՄ ՄՏՎ-ի Գլխաւոր տեսուչ՝ Պրն. Դաւիթ Ղուկասեան ներկայացուց յարգարժան հրաւիրեալները եւ փոխանցեց իր պատգամը: Հոգաբարձութեան ատենապետ Պրն. Գէորգ Զօրեան իր հերթին բարի վերամուտ մաղթեց աշակերտութեան: Ան անդրադարձաւ նաեւ բարձրացող շինարարական աշխատանքներուն եւ պաշտօնապէս յայտարարեց դպրոցի յարակից տարածքին վրայ գտնուող նոր հողաշերտի գնման աւետիսը:
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան ոգեշունչ ելոյթով շնորհաւորեց ՀԲԸՄ ՄՏՎ-ի 50-րդ տարեդարձը, մաղթելով յարատեւութիւն:
Հաճելի եւ տպաւորիչ էր հանդիսութեան սկիզբն ու փակումը, երբ ներս մուտք գործեցին եւ ապա դուրս եկան շրջանաւարտ դասարանի աշակերտները, բռնած Մանկապարտէզի աշակերտներուն ձեռքը՝ դհոլ-զուռնայի կենդանի հնչիւններուն տակ:
Բարի վերամուտ եւ բարի երթ կը մաղթենք 50-ամեայ ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանին: